ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Հաթայ շրջանին մէջ գտնուող վերջին հայկական գիւղին՝ Վաքըֆի մասին պատրաստուած է յատուկ լուսանկարչական նախագիծ՝ «Նեղացող համայնք. Վաքըֆլը՝ Թուրքիոյ վերջին հայկական գիւղը» խորագիրով: Թրքական Bianet.org-ի համաձայն, նախագիծին հեղինակներն են ամերիկացի գրող Քարոլին Թրենտ եւ թուրք լուսանկարիչ-լրագրող Սաիտ Սերքան Կիւրպուզ:
Նախագիծը, որ ներկայացուած է Vakifli.com կայքէջին մէջ, կը պատմէ Վաքըֆի երիտասարդներու եւ տարեցներու կեանքին, անցեալի, ձեռքբերումներուն ու կորուստներուն մասին:
Հաթայի մէջ գտնուող վերջին հայկական գիւղի երիտասարդները, նախընտրելով բնակութիւն հաստատել Պոլիս կամ արտասահման, մեծամասնութեամբ կը լքեն գիւղը։ Վաքըֆի մէջ 16 տարիէ ի վեր ամուսնութիւններ չեն եղած: Ներկայիս գիւղի բնակիչութեան թիւը հասած է 130ի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.