
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Ազգային ժողովի 4 խմբակցութիւնները, չմասնակցելով Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան անդամ, Հայաստանի նախկին արտաքին գործերի նախարար Վարդան Օսկանեանին ԱԱԾ վարոյթում գտնուող «փողերի լուացման» յատկանիշներով քննուող գործին որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու մասին Հայաստանի գլխաւոր դատախազի միջնորդագրի քուէարկութեանը՝ ցոյց տուեցին, որ կայ քաղաքական կամք», «Թեր-թ»ին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Վահան Բաբայեան, աւելցնելով, որ այդպիսով նաեւ ցոյց տրուեցաւ, թէ խորհրդարանին մէկ մասը դժգոհ է գլխաւոր դատախազի այդ որոշումէն:
«Մարդկայնօրէն եւ մեր քաղաքական յայտարարութիւններից ելնելով՝ մենք յոյս ունէինք, որ մարդիկ աւելի ճիշդ կը գնահատեն իրավիճակը եւ չեն գնայ նման քայլի: Այժմ «եթէ»ներով խօսելու ժամանակը չէ: Փաստը ցոյց է տալիս, որ մեծամասնութիւնը քուէարկութիւն կատարեց եւ վճռեց այս հարցը», նշած է ան։
Վահան Բաբայեան դիտել տուած է, թէ տակաւին կարելի չէ յստակօրէն ըսել, որ Վարդան Օսկանեանը անձեռնամխելիութենէն զրկելը որքանո՞վ ակնյայտ կը դարձնէ ՀՀԿ-ԲՀԿ առճակատումը:
«Դեռեւս գնահատական չեմ կարող տալ: Մենք դեռ համապատասխան յայտարարութեամբ հանդէս կը գանք, որից յետոյ մեր հետագայ քայլերի մասին տեղեակ կը պահենք», դիտել տուած է ան։
«Թերթ»ին հետ զրոյցի ընթացքին ԲՀԿ մամլոյ քարտուղար Տիգրան Ուրիխանեան իր կարգին նշած է, որ ԲՀԿի հետագայ քայլերուն վերաբերեալ խորհրդակցութիւն պիտի կատարուի։ «Բոլորիս համար արդիական պիտի լինի մէկ հարց՝ միթէ՞ մենք երբեւէ պատասխան չենք տալու այն քայլերի համար, որ կատարել ենք», նշած է ան։
Խօսելով դէմ քուէարկած վեց պատգամաւորներուն մասին՝ ան դիտել տուած է, որ այս հարցի նկատմամբ այլընտրանքային դիրքորոշումը դրսեւորուեցաւ, սակայն՝ «սոյն քուէարկութիւնն ամէն ինչ փաստեց, քանի որ մասնակցում էին միայն կոալիցիայի անդամները»: Ըստ անոր՝ հակառակ արդիւնքի հասնելու ուղին՝ քաղաքական մեծամասնութեան առկայութեան պարագային, պարզապէս չմասնակցիլն է: