ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապարաժ».– «Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար» կարգախօսով աւելի քան մէկ դարէ ի վեր կը գործէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը:
Հարիւրամեայ այս կազմակերպութիւնը Արցախի մէջ գործելու սկսած է 1994 թուականէն:
Սեպտեմբեր 23ին տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի 10րդ անդամական ժողովը:
Ժողովը քննութեան առարկայ դարձուցած է նախորդ 17 ամիսներու գործունէութեան տեղեկագիրը, գնահատական տրուած է տուեալ ժամանակաշրջանի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ քննարկած է կազմակերպութեան յառաջիկայ ծրագիրները։
Ժողովը ընտրած է Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի նոր վարչութիւն, հետեւեալ կազմով՝ Դադայեան Կարինէ (ատենապետուհի), Մնացականեան Ռիտա (փոխատենապետուհի), Աբրահամեան Ռուզաննա (ատենադպիր), Գրիգորեան Իրինա՝ գանձապահ, Բարսեղեան Անահիտ (խորհրդական):
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամները նաեւ տեսակցած են Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են կազմակերպութեան կողմէ Արցախի մէջ գործադրուող ծրագիրներուն ընթացքն ու յառաջիկայ ծրագիրները։ Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է տարիներ շարունակ ՀՕՄի կողմէ Արցախի մէջ կատարուած աշխատանքները՝ զանոնք նկատելով հայրենասիրութեան լաւագոյն դրսեւորում:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.