– Սեպտեմբեր 27ին հաղորդուեցաւ, թէ այս տարուան Ապրիլ-Յունիս եռամսեակին, Միացեալ Նահանգներու տնտեսութիւնը աճած է միայն 1.3 տոկոսով, մինչ նախապէս հաղորդուած էր, թէ այս աճը 1.7 տոկոս եղած է: Այս տարուան առաջին եռամսեակին, տնտեսութիւնը աճած էր 2 տոկոսով:
– Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքին մերժած է Թուրքիա այցելելու Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին հրաւէրը. այս մասին կը գրէ թրքական մամուլը: Էրտողան Իրաքի իր գործընկերը հրաւիրած էր մասնակցելու իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հերթական համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 30ին: Պաղտատ-Անգարա յարաբերութիւնները վերջերս լարուած են, որովհետեւ Թուրքիա ապաստան տուած է Իրաքի կողմէ հետապնդուող փոխվարչապետին: Իրաք նաեւ դժգոհ է, որ Անգարա հիւսիսային Իրաքի քրտական կառավարութեան հետ քարիւղի համաձայնագիրներ կը կնքէ՝ շրջանցելով Պաղտատը:
– Ատրպէյճանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններու եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հիմնած միացեալ խորհուրդը Սեպտեմբեր 27ին կոչ ըրած է լուծելու խորհրդարանը եւ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու, որովհետեւ վերջերս դարձեալ բացայայտուած է, թէ պատգամաւոր մը, իշխող «Ենի Ազերպէյճան» կուսակցութեան մէկ պաշտօնատարին տրուած մեծագումար կաշառքով «ընտրուած է» խորհրդարանի անդամ: Խորհուրդը յայտարարած է. «Պետական մարմինները կը ձեւաւորէ ոչ թէ ժողովուրդը, այլ՝ այն անհատներն ու խմբաւորումները, որոնք կը զբաղին ստուերային կասկածելի գործերով: Պետութեան եւ ժողովուրդի ճակատագիրը կը գտնուի բարոյազուրկ ուժերու ձեռքը: Նման խորհրդարան մը կարելի չէ օրինական համարել»:
– Տնտեսական համագործակցութեան ու բարգաւաճման կազմակերպութեան մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն՝ Յունաստանի մէջ աշխատաւորները միջին հաշուով տարեկան 2032 ժամ կ՛աշխատին, ինչ որ ամենաշատն է եուրօ գործածող երկիրներու գօտիին մէջ:
– Վերջին յիսուն տարիներուն ընթացքին, համալսարանական ուսանողներուն աշխատանքի ժամերը 44 տոկոսով բարձրացած են, մինչ նոյն ժամանակամիջոցին, սորվելու եւ ուսումնասիրութեանց տրամադրած անոնց ժամանակը 59 տոկոսով նուազած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.