ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ՝ Հայաստանի ազգային գրադարանը հիմնովին նորոգելու աշխատանքներուն ընթացքին կատարուած իւրացումներուն առնչութեամբ։ Արդարեւ, սեփականացուած է մեծ տարողութեամբ գոյք՝ օգտագործելով պաշտօնական եւ առեւտրային կազմակերպութեան ծառայողի լիազօրութիւնները։ Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութեան կայքէջը:
Նախնական տուեալներէն ի յայտ կու գայ, որ 2005ին, ապա 2008-2010 թուականներուն կազմուած, ապա վերամշակուած նախահաշիւին հիման վրայ կատարուող աշխատանքները նախ կազմած են 305.000.000 դրամ, ապա՝ 709.641.000 դրամ: Նախաքննութեան տուեալներուն համաձայն, գրադարանի հիմնովին նորոգութեան աշխատանքները կատարուած են քաղաքաշինական օրէնքներուն մէջ եղած խախտումներով: Բացի ատկէ, աշխատանքները կատարող ընկերութիւններուն կողմէ տարուած սկզբնական ու աւարտական աշխատանքներուն ընթացքին օգտագործուած նիւթերուն եւ ապրանքներուն ծագումն ու բնութագիրը փոխելու, կատարուած աշխատանքներուն ծաւալները աւելիով արձանագրելու ճամբով իւրացուած է բաւական հսկայ քանակութեամբ գումար։ Իսկ համապատասխան պաշտօնատար անձնաւորութիւններ ստորագրած են զեղծարարութեամբ լի նիւթական զեկուցումներուն վրայ եւ դրական եզրակացութիւն արձանագրած են։
Իբրեւ հետեւանք պետութեան հասած է բաւական մեծ տարողութեամբ էական վնաս։ Այս առիթով յարուցուած է քրէական գործ՝ Հայաստանի Քրէական օրէնսգիրքի 179րդ յօդուածի 3րդ մասի 1ին կէտով, 214րդ յօդուածի 2րդ մասով եւ 308րդ յօդուածի 2րդ մասով:
Քրէական գործի նախաքննութիւնը յանձնարարուած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր ոստիկանութեան քննչական գլխաւոր վարչութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.