ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի նախագահ Մուհամմատ Մուրսի Կիրակի, Սեպտեմբեր 23ին յայտարարեց, որ Իրանի հետ յարաբերութիւնները ներկայիս Եգիպտոսի համար յոյժ կարեւոր են, որպէսզի անիկա կարենայ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու միջոց մը գտնել:
Մուրսի պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին Իրանը նկարագրեց իբրեւ շրջանային գլխաւոր կողմ, որ կրնայ սուրիական տագնապի լուծման համար աշխոյժ եւ աջակցող դերակատարութիւն մը ունենալ: Եգիպտոսի եւ Իրանի կողքին, նշեալ քառեակին մաս կը կազմեն Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա:
Միւս կողմէ, Դամասկոսի մէջ Կիրակի օր սկսած է ընդդիմադիր ուժերու «Յանուն Սուրիոյ փրկութեան» կարգախօսով ընդհանուր ժողովը՝ մասնակցութեամբ 15 ընդդիմադիր կուսակցութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակական 8 շարժումներու: Ժողովին կը ներկայանան նաեւ շարք մը արաբական երկիրներէ դիւանագէտներ: Մասնակիցները կը քննարկեն վարչակարգի փոփոխութեան եւ ժողովրդավարական պետութեան հաստատման հիմնահարցերը: Շարք մը ընդդիմադիր անձնաւորութիւններ եւ խմբակներ, ներառեալ Սուրիական ազատ բանակը, չեն մասնակցիր ժողովին: Ներքին ընդդիմութեան ընդհանուր ժողովը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ կոչ ուղղեց «խաղաղ միջոցներով վերջ տալու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ անոր վարչակարգի իշխանութեան»:
Իր կարգին, նախագահ Ասատ եգիպտական «Ահրամ Արապի» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ ներկայի իշխանութիւններուն նպատակը «Օսմանեան նոր կայսրութիւն» ստեղծելն է:
Ապահովական գետնի վրայ, Կիրակի օր Դամասկոսի «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկին մօտերը տեղի ունեցաւ պայթում մը, որուն պատճառով զոհուեցաւ քաղաքացի մը եւ վիրաւորուեցան քանի մը ուրիշներ:
Նաեւ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ հիւսիսային Սուրիոյ Ռաքքա շրջանին մէջ գտնուող Թել Ապիատ գիւղին մէջ բախումներ տեղի կ՛ունենան, որովհետեւ շրջանի սահմանային անցքը ընդդիմադիրներու կողմէ գրաւուած է: Մինչ այդ, թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնեց, որ Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ տեղի ունեցող բախումներուն պատճառով, թրքական ուժերը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.