
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատան, Կլենտէյլի գրադարանի եւ Հայկական յիշատակութեան կեդրոնի (CAR) համագործակցութեամբ, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 27ին, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ Անթոնիա Արսլանի՝ «Զմիւռնիոյ ճանապարհը» (The Road to Smyrna, որ «Արտոյտներու Ագարակը» գիրքին Բ. հատորն է) վէպի ներկայացումը: Գիրքը պիտի ներկայացնէ Գոհար Սահակեան:
Անթոնիա Արսլան մասնագիտացած է հին յունական եւ հռոմէական գրականութիւններուն մէջ եւ եղած է իտալական արդի եւ ժամանակակից գրականութեան դասախօս՝ Փատովայի համալսարանէն ներս: Ան 2004ին գրեց իր առաջին վէպը՝ «Արտոյտներու ագարակը» («The Skylark Farm»), որ համաշխարհային ճանաչում բերաւ հեղինակին: Վէպը աւելի ուշ շարժապատկերի վերածուեցաւ եւ ցարդ 20 լեզուներու թարգմանուած է:
Նոր հատորը շարունակութիւնն է Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ընտանիքի մը եւ Հայաստանէն Իտալիա փոխադրուելու դժուարութիւններ դիմագրաւած անոր հօր պատմութեան:
Հատորէն օրինակներ տրամադրելի պիտի ըլլան եւ հեղինակը պիտի մակագրէ զանոնք:
Երկլեզու ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ: Գրադարանի հասցէն է՝ 222 East Harvard Street, Glendale, CA 91205: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին: