
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20ին նամակով մը կոչ ըրաւ Գանատայի կառավարութեան, որ լաւապէս օգտագործէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի Գանատա կատարած պետական այցելութիւնը՝ խրախուսելու համար Անգարայի իշխանութիւնը, որ մարդկային իրաւունքներու իրավիճակը բարելաւելու հարցով շատ աւելին ընէ:
«Գանատան, իբրեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան առաջատար երկիր, պէտք է նպաստէ եւ ուղեցոյց դառնայ Թուրքիոյ, որպէսզի վերջինս կասեցնէ մարդկային իրաւունքներու շարունակական խախտումները, թէ՛ երկիրէն ներս եւ թէ անոր սահմաններէն դուրս», կը նշուի նամակին մէջ:
«Գանատա պէտք չէ աչք փակէ մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ Թուրքիոյ դարաւոր եւ շարունակական ոտնակոխումներուն առաջեւ: Աւելին, Գանատա պէտք չէ առիթ կորսնցէ իր պարտաւորութիւնները յիշեցնելու Թուրքիոյ, որպէսզի ան սրբագրէ անցեալի անարդարութիւնները: Մինչեւ Թուրքիան չբարեփոխուի, տարածաշրջանային արդարութեան եւ մարդասիրութեան անոր կոչերը կը մնան անտեղի եւ անհեթեթ հռետորութիւն», կ՛աւելցուի նամակին մէջ:
Միւս կողմէ, գանատացի շրջանային խորհրդարանի պատգամաւոր Հերըլտ Օլպրաքտ դատապարտած է ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու կապակցութեամբ Պաքուի քայլը՝ ըսելով, թէ անիկա «իսկապէս մտահոգիչ է Գանատայի եւ մասնաւորապէս՝ հայկական ծագումով գանատացիներուն համար: Սպանութիւնը պէտք է դատապարտուի եւ ոչ թէ փառաբանուի կամ պարգեւատրուի»: