
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բրիտանիոյ արտաքին գործոց եւ համագործակցութեան երկիրներու նախարարութեան Եւրոպայի հարցերով արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լիտինքթըն 18- 19 Սեպտեմբերին պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Հայաստան։
Ան հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
2012ին կը նշուի հայ-բրիտանական դիւանագիտական յարաբերութիւններու 20ամեակը, ուստի քննարկումներու առարկան պիտի ըլլայ երկկողմանի յարաբերութիւնները, տնտեսական համագործակցութիւնը, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Մերձեցման համաձայնագիրին վերաբերող բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ տեսակէտներ պիտի փոխանակուին տարածաշրջանային ու միջազգային խնդիրներու վերաբերեալ: