
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ բռնցքամարտիկ Վիկ Դարչինեան կը պատրաստուի 29 Սեպտեմբերին Քոնեքթիքըթի նշանաւոր Ֆոքսուուտ կառոյցին մէջ փորթորիքաեցի մարզիկ Լուիս Օրլանտօ Տել Վալլէի դէմ կայանալիք մենամարտին: Թեթեւագոյն ծանրութեան դասակարգի աշխարհի նախկին ախոյեանը ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքներ կը տանի Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Հայ բռնցքամարտիկը կը գտնուի մարզական բաւական լաւ վիճակի մէջ եւ գերազանց կերպով պատրաստուած է այս հանգրուանին։