ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այսօրուան թերթէն հարիւրաւոր յաւելեալ օրինակներ կ՛ուղարկենք Լաս Վեկասի եւ Թորընսի հայ համայնքներու զաւակներուն: Լաս Վեկաս՝ «Տրիմ Ֆանտ»ի նուիրատուութեան աւետիսը հասցնելու համար բոլորին (տես կողքի լուրը եւ էջ 12-13), իսկ Թորընս՝ ծանուցելու համար մեր յաջորդ ձեռնարկը՝ դարձեալ Համազգայինի «Անի» պարախումբին հետ (ծանուցումը տես՝ էջ 20):
Անցեալ Կիրակի, 9 Սեպտեմբերին, Օրենճ Քաունթիի հայ համայնքին հետ միասնաբար մեր կազմակերպած ձեռնարկը յաջող էր: «Անի»ի տղաքն ու աղջիկները՝ Եղիայի ու Սիւզիի ղեկավարութեամբ, գրաւեցին բոլորիս սրտերը: Պարային շարժումներու շնորհքն ու զգեստներու պարգեւած գունային խրախճանքը երաշխաւորեցին ներկայացման յաջողութիւնը: Սակայն, ձեռնարկը նաեւ յաջողութիւն մըն էր ի՛ր մթնոլորտով, ներկաներու բա՛րձր տրամադրութեամբ:
Չորս հարիւրէ աւելի ներկաներ, որոնց շարքին քոնկրեսական Էտ Ռոյս (որ ներկայացումը վայելեց մինչեւ վերջ), ինչպէս նաեւ օտար այլ մարդիկ, Հանթինկթըն Պիչի պատմական հանդիսասրահին պարգեւած հանգիստ ու գեղեցիկ միջավայրին մէջ ըմբոշխնեցին մշակութային երեկոն, դադարին զրուցեցին իրենց հարազատներուն հետ եւ իրարմէ բաժնուեցան շատ հաւանաբար՝ շուտով դարձեալ տեսնուելու ցանկութիւն յայտնելով (ձեռնարկէն առնուած նկարներ զետեղուած են էջ 14-15ի վրայ):
Կազմակերպողները, «Ասպարէզ»ի բարեկամները, յատկապէս խանդավառուած էին անով, որ ներկաներուն մէջ էին նաեւ տարբեր շրջանակներէ եկած հայորդիներ: Ի՜նչ հետաքրքրական ազգ ենք: Զիրար վիրաւորելու ատեն կը զանցենք ամէն սահման, սակայն երբ հաւաքուինք, համախմբուինք՝ անպարտելի կը զգանք մենք մեզ: Հարցում. ինչո՞ւ համախմբումները ցաւագնօրէն պարագայական են, իսկ պառակտումները՝ օրէնք:
Ահա՛, ուրեմն, մեր ոգեւորութիւնը կ՛ուզենք փոխանցել Թորընսի հայ համայնքին: Սեպտեմբեր 30ին կը տեսնուինք այնտեղ: