ԿԱՊԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու հերթական ընտրութիւնները 9 Սեպտեմբերին տեղի ունեցան Սիւնիքի մարզի 109 համայնքներէն 94ին մէջ: Թիւ 38 Ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սերգէյ Սարգսեանի համաձայն՝ նախնական տուեալներով, Կապանի մէջ քաղաքապետ ընտրուած է «Հայփոստ» ընկերութեան «Կապանի փոստային» մասնաճիւղի տնօրէն, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Աշոտ Հայրապետեանը:
Կապանի մէջ քուէարկութեան մասնակցած է ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 56.95 տոկոսը կամ՝ 17 հազար 366 քաղաքացի: Անոնցմէ 10,262ը ձայն տուած է քաղաքապետի միակ թեկնածու Աշոտ Հայրապետեանին, 6075ը՝ դէմ եղած է, իսկ 858 քուէաթերթիկ անվաւեր նկատուած է: Ագարակի եւ Քաջարանի մէջ ձայներու 97 տոկոսով վերընտրուած են գործող քաղաքապետները: Իսկ Մեղրիի մէջ առաւել թիւով ձայներ հաւաքած է անկուսակցական, անհատ ձեռներէց Արշաւիր Յովհաննիսեանը: Նորընտիր համայնքապետներն ու աւագանիի անդամները իրենց պաշտօնները պիտի ստանձնեն Նոյեմբեր 13ին:
Մարզի 94 համայնքներէն 76ին մէջ կայացան համայնքի ղեկավարի եւ աւագանիի անդամներու, վեցին մէջ՝ միայն համայնքի ղեկավարի, իսկ 12ին մէջ միայն համայնքի աւագանիի անդամի ընտրութիւններ: