Կիպրոսի թրքական գրաւման տակ գտնուող շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին թուրքերու կողմէ մշակոյթի կեդրոնի կը վերածուի: Ը. դարուն կառուցուած այդ եկեղեցին աճուրդի դրուած էր եւ գնուած՝ Միջին Արեւելքի համալսարանին կողմէ: Համալսարանին տեսուչը Կիւնսէլ կատարելով եկեղեցւոյ պատմականը, ըսած է. թէ «Օսմանցիներու կողմէ Կիպրոսի գրաւումէն ետք եկեղեցին 1571ին Սուլթան Սելիմ Բ.ի կողմէ հայերուն շնորհուած էր եւ թէ հայերը զայն լքած ըլլալով՝ 1963էն ի վեր աւերեալ վիճակի մէջ կը գտնուէր»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.