
ՊՈՍԹԸՆ.- Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց, որ միութեան համահայկական կառոյցի եւ բոլոր միաւորներու ներդրումով, 100,000 ամերիկեան տոլար գոյացուցած է «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»ին համար: Յառաջիկայ օրերուն գումարի առաջին նուագը պիտի փոխանցուի Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին, եւ պիտի ամբողջանայ աւելի ուշ:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանը յայտնեց, որ «ՀՕՄը առաջին կազմակերպութիւնը եղաւ, որ սուրիահայութեան օժանդակութեան համահայկական նախաձեռնութեան դիմեց հիմնելով «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»ը. օրին յայտարարեցինք, որ գումարը պիտի յատկացուի աշակերտներու կրթաթոշակներուն: Հակառակ համաշխարհային տնտեսական տագնապին ու տարբեր երկիրներու դիմագրաւած ծանր խնդիրներուն, հպարտ ենք որ մեր ընկերուհիները ճիգ թափեցին եւ այս նպատակին համար պատկառելի գումար մը մէջտեղ բերին: Այս առթիւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ միութեան անդամներուն, պատասխանատու մարմիններուն ու բոլոր ազգայիններուն, որոնք ընդառաջեցին ՀՕՄի կոչին եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս հանգանակութեան»:
ՀՕՄի համահայկական ընտանիքի ճիգերով գոյացած այս յատկացման տնօրինումը պիտի կատարէ Սուրիահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան հետ համախորհուրդ, գործակցելով հայ առաքելական, կաթողիկէ ու աւետարանական յարանուանութիւններուն հետ:
«Տարբեր առիթներով հարցում ստացանք ինչո՞ւ յատկապէս դպրոցներուն երբ կասկածելի է անոնց վերաբացումը եւ սուրիահայութիւնը ներկայիս ընկերային այլ կարիքներ կը դիմագրաւէ: Կեդրոնական վարչութիւնը տեղեակ է, որ ի գին որոշ յետաձգումի, դպրոցներու վերաբացման նախապատրաստութիւնները սկսած են եւ անհրաժեշտ քայլերը կ՛առնուին յարմարելու ստեղծուած ցաւալի պայմաններուն: Այս կացութեան մէջ, «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»ի նախաձեռնութեամբ ՀՕՄը միաժամանակ երկու նպատակ կը հետապնդէ.- թէ՛ ծնողներու նիւթական բեռը կը թեթեւցէ, անոնց ուսերէն պատասխանատուութիւն մը վերցնելով, թէ՛ կը սատարէ հայեցի կրթութեան օճախներու պահպանումին, որոնք առանց անհրաժեշտ նիւթական միջոցներուն դժուար թէ իրենց կանոնաւոր գործունէութիւնը շարունակեն»,- բացատրեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ Նայիրի Շահինեանը:
Նկատի ունենալով, որ անցնող օրերուն հիմը դրուեցաւ սուրիահայութեան օժանդակութեան համահայկական նախաձեռնութեան, որուն մէջ ներառուած են հայկական կրօնական եւ աշխարհիկ բազմաթիւ կառոյցներ ու կազմակերպութիւններ, յետայսու ՀՕՄը սուրիահայութեան օժանդակութեան իր աշխատանքները պիտի շարունակէ համահայկական այդ նախաձեռնութեան ընդմէջէն: