ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի «բռնագրաւեալ» տարածքներու մէջ Հայաստանի կողմէ զօրավարժութիւններու իրականացումը հերթական անգամ ցոյց կու տայ, թէ Երեւան «յարձակողապաշտ» տրամադրութիւններ ունի եւ անոր մօտ չկայ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծելու ցանկութիւն. Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29ին այս մասին յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլլաեւ, պնդելով, թէ Հայաստանի կողմէ որդեգրուած նման քայլեր «անթոյլատրելի» են եւ ոտնակոխում մըն են միջազգային օրէնքներու:
«Այն փաստը, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած ատրպէյճանական տարածքներուն մէջ զօրավարժութիւններ տեղի կ՛ունենան Հայաստանի կողմէ, շատ բան կը նշանակէ: Պաշտօնական Պաքուն դժգոհ է, որ միջազգային հանրութիւնը կը շարունակէ անտարբերութիւն ցուցաբերել Հայաստանի նման ապօրինի գործողութիւններու հանդէպ», աւելցուց ան, պնդելով, թէ նման կեցուածք մը որդեգրած միջազգային հանրութիւնը չի կրնար խօսիլ արդարութեան մասին:
«Մենք, բնականաբար, կը քննադատենք մեր «գրաւեալ» տարածքներուն մէջ զօրավարժութիւններու կայացումը եւ կը յայտարարենք, որ անոնք ապօրինի են: Այդ հարցը միշտ մեր ուշադրութեան կեդրոնը կը մնայ», եզրակացուց Ապտուլլաեւ: