
Ամերիկահայ ժամագործ Կարօ Անսրլեանի պատրաստած ժամացոյցը նկատուած է Հրատ մոլորակին վրայ ժամանակը ցոյց տուող ամենաճշգրիտ ժամացոյցը, որ ներկայիս կ՛օգտագործուի «Հետաքրքրութիւն» առաքելութեան ընթացքին:
Կարմիր մոլորակին վրայ օրը բաղկացած է 24 ժամ 39 վայրկեան ու 35 երկվայրկեանէ, ինչ որ 2.7 տոկոս աւելի երկար է քան երկրային օրը:
Անսրլեան կ՛աշխատի Քալիֆորնիոյ Մոնթրոզ քաղաքը եւ 2004էն ի վեր կը զբաղի Հրատի վրայ աշխատող ժամացոյցով: Ան նաեւ կ՛արտադրէ անոր երկրային նմոյշները, որոնցմէ ցարդ վաճառած է մօտաւորապէս 1000 հատ՝ 295 տոլար միջին արժէքով:
Անսրլեանի ժամացոյցները օգտագործուած էին նաեւ 2004ին Հրատ հասած «Առի»չ առաքելութեան ընթացքին: