
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Շաբաթ, Օգոստոս 11ին, Պըրպենք քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ տոքթ. Նուպար Ճանոյեանի բարեգործական չորրորդ դարմանատան՝ «All for health, health for all»ի Պըրպենքի մասնաճիւղին բացումը։
Դարմանատան առջեւ, տոքթ. Նուպար Ճանոյանին կենսագրութիւնը եւ անոր բարեգործական գործունէութեան մասին խօսեցաւ «Փրեսպիթերիըն» հիւանդանոցի ներկայացուցիչը, որմէ ետք խօսք առաւ նաեւ Պըրպենքի քաղաքապետ Տէյվ Կոլոնսքի: Իր շնորհաւորանքի խօսքը արտասանեց նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որմէ ետք իր շնորհակալութեան խօսքը յայտնեց տոքթ. Ճանոյեանի կինը, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով բժշկական կազմին, որոնք ամէն ձեւով աջակից եղան, որպէսզի այս նոր դարմանատունը բացուի։
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը ներկայացնող Վեն Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան անգլերենով եւ հայերէնով փոխանցեց առաջնորդին շնորհաւորանքները եւ բացումը կատարեց աղօթքով։ Յատուկ հրաւէրով ներկայ էր նաեւ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան։
Քաղաքապետը, քոնկրեսական Շիֆ, Շնորհք Ա. քհնյ., տոքթ. Նուպար Ճանոյեան եւ այլ անձինք կտրեցին ժապաւէնը եւ հիւրերը առաջնորդեցին կոկիկ, գեղեցիկ եւ ճաշակով կահաւորուած դարմանատունէն ներս, ուր պատրաստուած էր նաեւ հիւրասիրութիւն։