ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահետտին Տեմիրթաշ Հինգշաբթի, Օգոստոս 23ին ցաւ յայտնեց այն բանին համար, որ իր կուսակցութիւնը չէր կրցած մասնակցիլ Այնթապի մէջ տեղի ունեցած պայթումի զոհերու յուղարկաւորութեանց, որովհետեւ կուսակցութեան ընդդիմացող շրջանակները այս կուսակցութիւնը իբր թիրախ ցոյց կու տան տուեալ հարցին մէջ։ «Միակ կուսակցութիւնը, որ պէտք է մասնակցէր այս յուղարկաւորութեանց, մեր կուսակցութիւնն էր, որովհետեւ մենք խաղաղութեան ու հաշտութեան մասին կը խօսինք, իսկ անոնք՝ պատերազմի մասին: Անոնք ցաւակցութիւն յայտնելու համար իսկ Ռոպոսքի չեկան, կարծես թէ այդ շրջանի ժողովուրդն ու զոհերը մեզմէ չէին», ըսաւ Տեմիրթաշ, ակնարկելով բանակին կողմէ «սխալմամբ» սպաննուած 35 քիւրտերու սպանութեան։ Ան նաեւ քննադատեց կուսակցութեան շէնքերուն վրայ տեղի ունեցած յարձակումները եւ ըսաւ. «Եթէ ոստիկանութիւնը պիտի չկարենայ պաշտպանել մեր շէնքերը, ապա մե՛նք կը պաշտպանենք։ Մենք եւ մեր ժողովուրդը միասնաբար կը պաշտպանենք։ Մեր կուսակցութիւնը մատաղցու ոչխար չէ։ Բաց կը խօսիմ. ամէ՛ն մարդ ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի, ու մենք արդիւնքին պատասխանատու չենք»։ Տեմիրթաշ անդրադարձաւ նաեւ այն մեղադրանքներուն, որոնք կը շրջին իր կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններուն եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն միջեւ վերջերս կայացած ողջագուրման կապակցութեամբ. «Ասիկա մարդկային բնազդ է: Չեմ հասկնար, թէ ինչո՛ւ այսքան հակազդեցութիւն ցոյց կը տրուի: Մեր երեսփոխանները հոն խաղաղութեան պատգամներ տուին։ Անոնք, որոնք մեր երեսփոխանները կը քննադատեն, կը ջանան քօղարկել իրենց տգեղ քաղաքականութիւնը», ըսաւ ան։
Դատախազութիւնը արդէն իսկ կը հետապնդէ հարցը եւ առաջարկներ կատարուած են երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութիւնը խլելու նպատակով: