ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ի կատարումն «ՀՀ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ 1992-1994 հրետակոծութեան հետեւանքով վնասուած բնակելի տուներու բնակիչներուն դրամական օգնութիւն տրամադրել»ու որոշումին՝ նշեալ 332 ընտանիքներէն 322ը արդէն իսկ ստացած է սահմանուած այդ հատուցումը:
ՀՀ կառավարութեան հերթական վերջին նիստին որոշուած է, որ հատուցման իրաւունք ունեցող ընտանիքներու ցուցակէն դուրս մնացած բնակիչները եւս, համաձայն սոյն որոշումին՝ պիտի ստանան դրամական օգնութիւն եւ հնարաւորութիւն պիտի ունենան բարելաւելու իրենց բնակարանային պայմանները: