
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ախալցխա.նեթ».- Հնդկական «Պոլիվուդ»ը սկսած է ժապաւէն նկարահանելու Ախալցխայի բերդի տարածքին մէջ: Նոր բացուած բերդը դարձած է նկարահանման վայր՝ մեկնելով ժապաւէնի բնոյթէն։ «Ուրիշ աշխարհ» վերնագիրով ժապաւէնը կը բնութագրէ միջին դարերը: Ժապաւէնի բեմադրիչն է Սելման Ռադաւնիան: Հիմնական դերերով հանդէս եկած են բոլիվուտեան դերասանները, իսկ խմբակային նկարահանումներուն մէջ ներգրաւուած են 150 ախալցխացիներ։
«Պոլիւվուտ»ի նկարահանողները տակաւին 6 օր պիտի մնայ Ախալցխայի մէջ. նկարահանումներ պիտի կատարուին ամէնօրեայ դրութեամբ։ Նկարահանման խումբը Ախալցխա եկած է Վրաստանի ելեւմուտքի նախարարին հրաւէրով: Ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի 2013 թուականին՝ Հնդկաստանի մէջ: Նման նկարահանումներ տեղի կ՛ունենան նաեւ Վրաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ: