ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Երկուշաբթի, Յունիս 18ին տեղի ունեցած ճաշկերոյթի մը ընթացքին, Վարդանանց ասպետներու «Ղեւոնդ» դահլիճը երկրորդական վարժարաններէ չորս հայ ուսանողներու կրթանպաստներ տրամադրեց՝ նպաստելով անոնց համալսարանական ուսման:
Կրթանպաստները շահած ուսանողներէն երեքը շրջանաւարտներ են Փասատինայի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական վարժարանէն: Անոնք են՝ Արի Գազանճեան, Միրէյ Քիւրօղլեան եւ Քեթրին Թապաքեան: Չորրորդ կրթանպաստը տրամադրուեցաւ Կլենտէյլի Պետական երկրորդական վարժարանէն Ալեք Մուրատեանի: