ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Քանի մը օր առաջ Սուտանի մէջ տեղի ունեցած օդանաւային արկածի իբրեւ հետեւանք մահացած հայաստանցի քաղաքացին 42ամեայ Արմէն Վիրաբեանն է: Այս մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան:
Նշենք, որ Սուտանի մէջ տեղի ունեցած օդանաւային արկածի պատճառով մահացած են Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Տաճիկիստանի քաղաքացիներ:
Արկածը տեղի ունեցած է Կիրակի օրը Հարաւային Քորտոֆան նահանգի Թալոտի քաղաքի շրջակայ լեռներուն վրայ: Սուտանական սեփական «Ալֆա-1» ընկերութեան պատկանող ԱՆ-26 օդանաւին մէջ խանգարումներ տեղի ունեցած են, մինչ 19 Օգոստոսին անիկա վայրէջք կը կատարէր Թալոտիի օդակայան։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալներով, օդանաւային արկածին զոհ գացած են 31 անձեր, որոնց կարգին սուտանցի նախարարներ, քաղաքական եւ զինուորական շրջանակներու ներկայացուցիչներ։