
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, Օգոստոս 26ին, Պըրպենքի «Կրով» թատերական կեդրոնին մէջ (1111-B West Olive Ave., Burbank, CA, 91506), բեմադրութեամբ Տիգրան Կիրակոսեանի, տեղի պիտի ունենայ Գուրգէն Խանջեանի՝ «Կալանք»ի ներկայացումը (կատակերգութիւն՝ մէկ արարով):
Դերեր ստանձնած են Արամ Մուրատեան, Աշոտ Թաթէոսեան, Սեւակ Աւանէսի, Նարինէ Ճալլատեան, Մերի Համբարձումեան, Էմմա Մորալեան եւ Բիւզանդ Ազիզեան:
Արտադրութեան ձեւաւորողն է Էմիլ Կիրակոսեան, իսկ լուսաւորման վարիչը՝ Գրիգոր Թաքակչեան:
Թատերական գործը կ՛առնչուի աւանդական հայ ընտանիքի մը, որուն արժէքներն ու ապրելաձեւը հարցականի տակ կը դրուին շարք մը այցելուներու կողմէ:
Տոմսերու սակը 25 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.itsmyseat.com/events/729991.html կայքը: