Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, հիմնուած է «Առաքելոց լսարան» ծրագիրը, որուն նպատակն է ուխտագնացութիւններ կազմակերպել դէպի Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներն ու ծուխերը, եւ զրոյցներու ու դասախօսութիւններու միջոցով ուսուցանել եկեղեցւոյ դաւանանքի, պատմութեան եւ ներկայ կացութեան մասին: Այս շարքը պիտի սկսի դէպի Արիզոնայի Ս. Աբգար Հայց. եկեղեցի կատարուելիք ուխտագնացութեամբ, որ տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 25-26ին:
Ուխտագնացութեան առաջին օրը մասնակիցները պիտի հանդիպին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զաքարիա քհնյ. Սարիբէկեանի եւ ծուխի հաւատացեալներուն հետ, ապա պիտի մասնակցին երեկոյեան ժամերգութեան: Իսկ երկրորդ օրը՝ Կիրակի առաւօտ, ուխտաւորները հնարաւորութիւն պիտի ունենան մասնակցելու Ս. պատարագին, որմէ ետք «Առաքելոց լսարան»ին կողմէ պիտի մատուցուին «Ներածութիւն Հայց. առաքելական (Ուղղափառ) եկեղեցւոյ դաւանանք» եւ «Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սուրբերը եւ սրբավայրերը» դասախօսութիւնները: