ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի նախաձեռնութեամբ, վերջերս Փասատինայի քաղաքապետարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած է քաղաքի վարչական բաժանմունքին պաշտօնատարներուն եւ Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ փոխհիւպատոս Արիֆ Չիչեքի միջեւ, որուն ընթացքին փոխհիւպատոսը տեղեկութիւններ խնդրած է նոր կազմուած Փասատինայի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանի յանձնախումբին մասին: Քաղաքական նպատակներ հետապնդող եւ Թուրքիոյ ուրացման արշաւը Փասատինայի հասցուցած այս հանդիպման ընթացքին, Չիչեք Փասատինայի քաղաքապետարանի պաշտօնատարներուն նաեւ մատնանշած է, թէ Անգարայի իշխանութիւնները Հայկական Ցեղասպանութեան մասին «տարբեր կարծիք» ունին:
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յայտարարէ, թէ կարելի չէ անպատասխան ձգել Չիչեքի կամ թուրք ոեւէ պաշտօնատարի կողմէ նման անպատասխանատու յայտարարութիւն մը, որովհետեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական անհերքելի իրականութիւն մըն է, որուն շուրջ կարելի չէ բանավէճ ունենալ, կամ «տարբեր կարծիք» ունենալ անոր մասին:
«Թուրքիա պէտք է անյապաղ ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, փոխանակ միջամուխ ըլլալու ամերիկեան քաղաքներու մէջ, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու կողմէ նախաձեռնուած ծրագիրներուն», կը յայտարարէ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը, յիշեցնելով Թուրքիոյ իշխանութեանց, թէ Միացլալ Նահանգներու քաղաքացիները ազատ են իրենց գաղափարները իրականացնելու, առանց օտար կառավարութեան միջամտութեան, յատկապէս, երբ այդ կառավարութիւնը մարդկային տարրական իրաւուքները ոտնակոխող երկիր մըն է եւ շարունակաբար կը փորձէ, իսկ դաշնակցային մակարդակի վրայ նաեւ կը յաջողի, Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնը քօղարկել:
Փասատինան վերջին քանի մը տասնամեակներուն նոր տունը դարձած է բազմաթիւ հայերու համար եւ 1991ին նաեւ Հայաստանի Վանաձոր քաղաքին հետ կնքած է քոյր քաղաքի համաձայնութիւն: Վերջին աւելի քան 30 տարիներու ընթացքին քաղաքը նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչող բանաձեւներ վաւերացուցած է:
«Թուրքիոյ կողմէ նման միջամտութիւնները անընդունելի են եւ ամերիկեան տարրական իրաւանց ոտնակոխում մը կը նկատուին: Օտար երկիրի մը քաղաքական շահերը չեն կրնար գերադաս նկատուիլ ամերիկեան քաղաքի մը քաղաքացիներուն իրաւունքներէն», նշուած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդագրութեան մէջ: