ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման ու եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, այս տարի եւս, Կիրակի, Օգոստոս 12ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցին կանուխ ժամերէն լեցուն էր ուխտաւոր հաւատացեալ ժողովուրդով: Շաբաթ, Օգոստոս 11ին, երեկոյեան ժամը 8:30ին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակի արարողութիւն՝ մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն, սարկաւագներուն, դպիրներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին: Կիրակի առաւօտեան Ս. պատարագը մատուցանեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը: Ս. պատարագին ներկայ էին Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան անդամներ եւ հազարաւոր ուխտաւոր հաւատացեալ հայորդիներ:
Օրուան խորհուրդով լի իր պատգամին մէջ սրբազան հայրը անդրարաձաւ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինի տիպար եւ օրինակելի կեանքին ու նկարագիրին՝ վեր առնելով անոր առաքինի յատկանիշները՝ անմեղութիւնը, խոնարհութիւնը, մաքրութիւնը, սրբութիւնը, համեստութիւնը եւ յատկապէս Աստուծոյ հանդէպ անոր ունեցած կատարեալ եւ ամբողջական հնազանդութիւնը, ապա ըսաւ. «Ս. Կոյսը կիներուն մէջ ամէնէն օրհնեալը եղաւ ու արժանին՝ Աստուծոյ մայրը՝ Աստուածածինը դառնալու: Աստուծոյ կամքին ու խօսքին միշտ հնազանդ՝ ան մնաց խոնարհ, եւ մայրութեան տիպար: Եւ երբ կը խորհրդածենք Մարիամ Աստուածածինի մասին, անոր հոգեւոր եւ սուրբ կեանքը պէտք է ընդունինք իբրեւ պարգեւ: Եկէ՛ք Ս. Կոյսի բարեխօսութեան արժանի ըլլանք ամէն օր, որովհետեւ Ս. Կոյս Մարիամ մշտական յուշարար է մեզի՝ Աստուծոյ ձայնը լսելու եւ Անոր հնազանդելու: Այսօր, Ս. Կոյսը հրաւէր կու տայ բոլորիս, եւ յատկապէս մեր մայրերուն եւ քոյրերուն, որպէսզի մենք մեր ձայնը չլսենք, այլ Աստուծոյ ձայնը լսենք, Աստուծոյ կամքը կատարենք եւ դառնանք տիպար եւ օրինակելի հայուհիներ՝ Ս. Կոյս Մարիամի օրինակով: Այսօր, եկեղեցին մեզմէ իւրաքանչիւրին հրաւէր կու տայ, որպէսզի այնպէս, ինչպէս Ս. Մարիամ երկրէն երկինք վերափոխուեցաւ, մենք ալ հոգեւորապէս վերափոխուինք, որովհետեւ ո՛ւր Աստուած ներկայ է, հո՛ն հոգեւոր ծնունդ կայ: Հոն կան հոգեւոր սերմեր, հոն կայ սրբութիւն, հոն կայ բարութիւն, հոն կայ հաւատարմութիւն, կայ հնազանդութիւն Աստուծոյ հանդէպ: Ո՛ւր հոգեւոր կեանք կայ, հոն կայ սէր, բարի ծառայութիւն եւ բարի կամեցողութիւն: Ս. Կոյսի բարեխօսութեան դիմելով՝ աղօթենք, որ Տէրը դարմանէ մեր բոլոր հիւանդութիւնները, խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհին, մանաւանդ այս օրերուն տագնապահար Սուրիոյ բոլոր զաւակներուն, մասնաւորաբար սուրիահայ մեր գաղութին ընծայէ ապահովութիւն եւ անվտանգութիւն»:
ԱՂՕԹՔ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Պատարագի ընթացքին, «Տէր Ողորմեա»ի յատուկ աղօթք կատարուեցաւ խաղաղութեանը ու ապահովութեանը համար Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան, որ անցնող 17 ամիսներուն, երկիրի քաղաքական աննպաստ պայմաններուն բերումով՝ կորսնցուցած է իր հանգիստը եւ տագնապալից օրեր կ՛ապրի:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն:
Ինչպէս միշտ, այս տարի եւս մեր ժողովուրդին կողմէ առատաձեռնօրէն նուիրուած խաղողն ու մատաղը, որոնք օր մը առաջ տիկնանց միութեան եւ կամաւորներու կողմէ տոպրակներու մէջ լեցուած էին, առատօրէն բաժնուեցան հաւատացեալներուն:
Խաղողօրհնէքի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը օրհնեց զոյգ մը պսակադրութեան թագեր, որոնցմէ օրինակներ մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն նուիրած էր տէր եւ տիկ. Գէորգ եւ Միռնա Քաջարեան բարերար ամոլը։