ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.» Փարիզէն դէպի Պէյրութ ճամբայ ելած «Էր Ֆրանս»ի օդանաւի օդաչուն Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15ի երեկոյեան որոշած է վայրէջք չկատարել՝ Պէյրութի օդակայանին մօտերը տեղի ունեցող ցոյցերուն պատճառով՝ նախընտրելով Ամման մեկնիլ: Սակայն, նկատելով, որ բաւարար վառելանիւթ չկայ օդանաւին մէջ, ան պարտադրուած է Դամասկոսի օդակայան վայրէջք կատարել, այն միջոցին, երբ Ֆրանսայի իշխանութիւնները Սուրիոյ նախագահին հեռացումը կը պահանջէին: Նկատի ունենալով, որ Սուրիան տնտեսական պատժամիջոցներու ենթակայ է, օդակայանը չէ կրցած վառելանիւթի գումարին փոխարէն՝ Մարտէն ի վեր Դամասկոսի օդակայանը չօգտագործող «Էր Ֆրանս» ընկերութեան վարկային քարտը ընդունիլ, որուն հետեւանքով՝ օդաչուն դիմած է օդանաւի 174 ճամբորդներուն, կանխիկ գումար մը գոյացնելու համար: Մեծ մասամբ լիբանանցի եւ ֆրանսացի ճամբորդներէն կարելի եղած է 17,000 տոլարէ աւելի գումար մը գոյացնել, սակայն, մինչ այդ՝ օդակայանի պատասխանատուներուն հետ կարելի եղած է համաձայնութիւն մը գոյացնել ու ճամբորդներէն դրամ չէ առնուած: Օդանաւը նախ Կիպրոս մեկնած է ու Հինգշաբթի յետմիջօրէին Պէյրութ հասած է՝ Փարիզէն ճամբայ ելլելէ աւելի քան 20 ժամ ետք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.