ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Աւելի քան 100 զինուորներ եւ մարտական ռուսական 30 միաւորներ պիտի մասնակցին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Ներգործօն արձագանգման հաւաքական ուժերու «Փոխազդեցութիւն-2012» միացեալ զօրավարժութեան, որ Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ։
Հարաւային զինուորական շրջանի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, զինավարժութիւններուն հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ ՀԱՊԿի մասնակից երկիրներու բանակներու միացեալ ուժերու միասնական գործողութիւնները՝ ենթադրեալ հակառակորդի յարձակման եւ հակագրոհի կազմակերպման պարագային:
Ներկայիս կը կատարուին նաեւ ուսումնավարժութիւններուն մէջ ներգրաւուած անձնակազմի մաս-նակցութեամբ տեղի ունեցող գործնական դասընթացքներ, որոնք տեղի կ՛ունենան «Ալագեազ» եւ «Կախմուդ» ուսումնական կեդրոններուն մէջ:
Զօրավարժութիւններուն բնաբանն է՝ «ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան համակարգի ուժերի եւ միջոցների կիրառումը Կովկասեան տարածաշրջանում ՀԱՊԿ արագ արձագանգման հաւաքական ուժերի մասնակցութեամբ»:
Զօրավարժութիւններու նախապատրաստութեան եւ կազմակերպական աշխատանքները կը ղեկավարէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը: