Հայաստանի Հանրապետութիւնը մարդասիրական օգնութիւն պիտի տրամադրէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով տուժած բնակչութեան: Նման որոշում կայացաւ Հինգշաբթի, Օգոստոս 16ին, ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստի ընթացքին:
Նիստի ընթացքին, Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարի տեղակալ, գլխաւոր գանձապետ Ատոմ æանջուղազեան նշեց, որ Իրանին պիտի յատկացուի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մօտ պահ դրուած 36 միլիոն 735 հազար դրամ արժող գոյք:
Վարչապետը իր կարգին նշեց, որ Հայաստան Իրանի հետ քննարկած է, թէ առաջնահերթ ի՛նչ բանի կարիքն ունին իրանցիները, եւ այդ առնչութեամբ ցուցակ կը պատրաստուի: «Երկու օրուայ ընթացքում կը կազմակերպենք, որպէսզի այդ ապրանքները տեղափոխուեն Իրան», աւելցուց վարչապետը: