ԵՐԵՒԱՆ,«Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան ներկայացուցիչները 15 Օգոստոսին Զուարթնոց օդակայանին մէջ հրաժեշտ տուած են Գերմանիա մեկնող 116 հայ խաղաղապահներուն, որոնք դասընթացքի պիտի հետեւին Միացեալ Նահանգներու, Ռումանիոյ եւ Ուքրանիոյ զինուորականներուն հետ։ Հայկական ստորաբաժանումը հոն պիտի մնայ երեք շաբաթ եւ Հայաստան պիտի վերադառնայ 4 Սեպտեմբերին։
Գերմանիոյ մէջ հայ խաղաղապահները պիտի պատրաստուին իրենց գալիք տեղակայման Քոսովոյի մէջ՝ Ուրոշեւաց քաղաքի մերձակայքը գտնուող Միացեալ Նահանգներու «Պոնտսթիլ» ռազմակայանին մէջ, ուր պիտի ծառայեն վեց ամիս։ Քոսովոյի մէջ հայ խաղաղապահները պատասխանատու պիտի ըլլան գիշերապահութեան, սահմանակէտերու անվտանգութեան, զանգուածային անկարգութիւններու, ամբոխներու կառավարման ու պահակախումբերու ուղեկցութեան:
Քոսովոյի մէջ հայ-ամերիկեան միացեալ խաղաղապահ բաժանմունքի առաքելութեան վերաբերեալ կնքուած է փոխըմբռնման յուշագիր՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու Ցամաքային ուժերուն միջեւ: