
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայ անուանի բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի մահէն 16 տարի ետք բանաստեղծին ապրած տան մէջ՝ Նայիրի Զարեան 80 հասցէով, 15 Օգոստոսին բացումը կատարուեցաւ անոր դիմաքանդակ-յուշաքարին: Բանաստեղծը այդ տան մէջ ապրած ու ստեղծագործած է 1952-1996 թուականներուն: Բացման արարողութենէն առաջ Դաւթեանի արուեստի երկրպագուներն ու հարազատները ծաղիկներ զետեղեցին անոր շիրիմին վրայ՝ Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ:
Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան այս առիթով յայտնած է. «Ճիշդ այն տրամադրութեամբ եմ եկել, ինչ տրամադրութեամբ ամէն անգամ այցի եմ գալիս մեր գրականութեան, մշակոյթի դասականներին՝ մտովի վերյիշելով եւ վերագնահատելով նրանց»: Անանեան Վահագն Դաւթեանը կը նկատէ բացառիկ երեւոյթ մը՝ ե՛ւ որպէս բանաստեղծ, ե՛ւ որպէս մարդ: «Նոր սերնդի համար ինթերնեթային աղբանոցի մէջ՝ Դաւթեանի պոեզիան վերադարձ է դէպի նախնական, բարոյական զուլալ ակունքները», աւելցուցած է Գրողներու միութեան նախագահը:
Վահագն Դաւթեանի Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ գտնուող տան մէջ ներկայիս կը բնակին անոր դուստրերը եւ թոռնիկները: «Այս տարիներին նա կարծես անընդհատ մեզ հետ է, ցաւօք սրտի այնպիսի հիւանդութեամբ էր հիւանդ, որ չկարողացաւ երկար ապրել, ուրախ եմ, որ 16 տարի յետոյ յուշաքար կը բացուի մեր տան պատին», յայտնած է բանաստեղծին կրտսեր դուստրը՝ Յասմիկ Դաւթեանը:
«Դիմաքանդակում փորձել եմ արտայայտել այն, ինչ զգացել եմ, նրա արծուային հայեացքը, խոր, իմաստուն աչքերը: Դաւթեանը մտածող էր, փիլիսոփայ, իսկական արաբկիրցի», ըսած է Դաւթեանի յուշաքարը հեղինակած քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեանը:
Վահագն Դաւթեանի ծննդեան 90ամեակին առթիւ կայացած յուշաքարի բացման արարողութեան ներկայ եղած են Երեւան քաղաքի Արաբկիր վարչական շրջանի ղեկավար Հրայր Անտոնեանը, մշակութային եւ հասարակական գործիչներ:
Կը նախատեսուի ստեղծել «Վահագն Դաւթեան» հիմնադրամ, ինչպէս նաեւ հրատարակել անոր ցարդ չհրատարակուած գործերը: