ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ատրպէյճանցի զինուոր Պարվիզ Իսկանտերլիի մայրը՝ Քիֆայատ Իսկանտերլին համոզուած է, որ իր տղան ոչ թէ անձնասպան եղած է, այլ ծեծի տակ սպաննուած։ Այս մասին կը գրէ «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը: «Տղուս գազանաբար ծեծած են, իսկ յետոյ՝ սպաննած: Անոր մարմնին վրայ մեծ թիւով կապոյտ հետքեր կան՝ անոնք կոտրուածքներու եւ բռնութեան հետեւանք են», նշած է զինուորին մայրը։
Ան նշած է, որ սպաննուած զինուորական ծառայողին մարմինը փորձաքննութեան չեն ենթարկած, իսկ բնակիչները այդ շրջանի, ուր տեղակայուած է այդ զօրամասը, պատմած են, որ զօրամասի հրամանատարը նշանաւոր է իր դաժանութեամբ:
Բնակիչները նաեւ պատմած են, որ նշեալ զօրամասի հրամանատարը շատ դաժանօրէն կը պատժէ զինուորները, իսկ տարբեր ստորաբաժանումներու հրամանատարները զինուորներուն հետ կը վարուէին իբրեւ ստրուկներու՝ զանոնք օգտագործելով անձնական կարիքներու համար։
Մահացած զինուորին մայրը այս հարցով դիմած է համապատասխան կառոյցներուն, որպէսզի հետաքննութիւն կայացուի, սակայն ոչ մէկ արձագանգ։