
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնած է, որ «Հարսնաքար»ի դատին առնչուող հարցաշարքը պատրաստ է եւ ուղարկուած է նախաձեռնութեան անդամ 4 խմբակցութիւններուն:
Ան նշած է, որ կազմուած աշխատանքային խումբին մէջ ամէն մէկ խմբակցութենէ ներառուած է մէկական ներկայացուցիչ՝ Գագիկ æհանգիրեան (ՀԱԿ), Արծուիկ Մինասեան (ՀՅԴ), Զարուհի Փոստանջեան («Ժառանգութիւն») եւ Ստեփան Մարգարեան (ԲՀԿ): «Հարցաշարքի աշխատանքային տարբերակը պատրաստ է, սակայն հարցաշարի բովանդակութիւնը եւ էութիւնը պէտք է համաձայնեցուի խմբակցութիւնների կողմից, եւ նրանք պէտք է յայտնեն իրենց վերջնական դիրքորոշումը»: Արծուիկ Մինասեանի համաձայն, Երկուշաբթի հաւանաբար կարելի ըլլայ ունենալ հարցաշարքի վերջնական տարբերակը, որ պիտի ուղարկուի համապատասխան մարմիններուն: Պատկան մարմիններուն ուղարկելէ ետք հարցաշարքը պիտի հրապարակուի:
Նշենք, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւններուն եւ Հայ Ազգային Կոնգրեսի նախաձեռնութեամբ առնուած է այդ քայլը՝ «Հարսնաքար»ի մէջ ծեծի ենթարկուելէ ետք մահացած զինուորական բժիշկին դատը հետապնդելու եւ անոր ծալքերուն մասին տեղեկանալու նպատակով։