ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Բեմադրիչ Սեւատա, բեմագիր-արտադրող Ալըն Քեթց եւ արտադրող Կարպիս Թիթիզեան վերջերս յայտարարեցին, որ «Տը Ճենեքս» շարժապատկերի նախա-արտադրական աշխատանքները պիտի սկսին 2013ին:
«Տը Ճենեքս»ը (The Genex) ամերիկեան «էքշըն-թրիլըր» տեսակի ժապաւէն մը պիտի ըլլայ, որ Սելլի Սոլոմոնի պատմութիւնն է: Սելլի գեղեցիկ եւ խելացի երիտասարդ կին մըն է, որ իր կեանքը անցուցած է փախչելով ընտանիքէն եւ պատմութեան ողբերգական մէկ ժամանակշրջանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ՝ անոր իւրայատուկ կապուածութենէն: Երբ Սելլիի հայրը կը սպաննուի միջազգային առեւտրական ընկերութեան մը կողմէ՝ Ցեղասպանութեան հետ անոր ունեցած կապը գաղտնի պահելու միտումով, Սելլի ստիպուած կ՛ըլլայ դէմ յանդիմամ գտուելու այդ անցեալին հետ եւ իր կարգին՝ դառնալու բազմաթիւ զոհերէն մէկը: Սելլի հետագային պիտի անդրադառնայ, որ ոչ ոք կրնայ խուսափիլ պատմութենէն, այլ պէտք է առերեսուիլ անոր հետ:
2013ին սոյն ժապաւէնի իրականացման նպատակով յայտնի դերասաններու հետապնդումը պիտի կատարուի: Ինչպէս պատմութիւնը, նաեւ նկարահանումները նախատեսուած են կայացնել Նիւ Եորքի, Ֆրեզնոյի եւ Երեւանի մէջ:
Սեւատա Հայաստանի մէջ բեմադրած է քանի մը կարճ ֆիլմեր, որոնց կարգին եռամաս՝ «Իբրեւ Սկիզբ», «Միքոշ» եւ «Տը Ռոփ» ժապաւէնները:
Կարպիս Թիթիզեան արուեստը քաջալերող այն հազուագիւտ դէմքերէն է, որ շատ շուտ անդրադարձած է ֆիլմարուեստի եւ պատկեռասփիւռի կարեւորութեան, ու նեցուկ կանգնած է Սփիւռքէն, Հայաստանէն եւ Ացախէն արուեստագէտներու, յատկապէս՝ Լոս Անճելըսի մէջ «Հորիզոն» պատկերասռիւռի աշխատանքներուն: Կ. Թիթիզեան արտադրած է ժապաւէններ, ինչպէս Միքայէլ Պօղոսեանի դերակատարութեամբ ֆիլմ մը եւ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ պատրասուած այլ ժապաւէններ: