Յունիս 16ին, կէսօրէն ետք ժամը, 5:30ին, Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնի «Դրօ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեսրոպեան ազգային վարժարանի մանկապարտէզի աւարտական հանդէսը: Վերջին ինը տարիներուն, մանկապարտէզի սաները կը ներկայացնեն ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներէն մէկը: Այս ուսանելի աւանդութեան համաձայն, 2012 թուականի շրջանաւարտները ներկայացուցին Թումանեանի «Խօսող ձուկը» հեքիաթը, զոր թատերախաղի վերածած էր մանկապրտիզպանուհի օրիորդ Զեփիւռ Մ. Օհաննէսեան, որ նաեւ մանկապարտէզի պատասխանատու դաստիարակն է:
Այդ օր բեմը վերածուած էր Հայաստանի գողտրիկ անկիւններէն մէկուն՝ Սեւանայ լիճի, իր կղզիով եւ պատմական եկեղեցիով: Պատերէն կախուած հեքիաթին կերպարներուն նկարները յատուկ գունագեղութիւն հաղորդած էին բեմին:
Թատերախաղը սկսաւ հեքիաթասացին մուտքով, որ բացատրեց, թէ ինչ իմաստ ունի հեքիաթը եւ որն է անոր բարոյախօսութիւնը: Թումանեանական պարզ եւ անպաճոյճ ոճով մեկնաբանուած «Բարիք ըրէ ծովը նետէ» ժողովրդական առածին իմաստը խորապէս ըմբռնած մանուկները յուզիչ անմիջականութեամբ ներկայացուցին հեքիաթ-թատերախաղը, անգամ մը եւս փաստելով, որ գուրգուրոտ ձեռքերու մէջ մեր երեխաները ատակ են ոչ միայն անսխալ խօսելու, արտասանելու հայերէն, այլեւ կրնան բացայայտել իրենց տաղանդը՝ զարմացնելով եւ հիացնելով բոլորս: Աշակերտները թատերախաղին ընդմէջէն կ՛արտասանէին եւ կը պարէին: Փոքրիկ դերասաններու խաղարկութիւնը հիացուց բոլորը: Անկաշկանդ, իրարու օգնելով եւ յուշելով, անոնք կը ներկայացնէին իրենց դերերը:
Հետաքրքրական էր, որ բոլոր աշակերտները գոց գիտէին ամբողջ թատերախաղը: Փոքրիկ «դերասաններու» հմուտ, ճարպիկ եւ հասուն խաղարկութիւնը արժանացաւ ներկաներու ջերմ եւ խանդավառ ծափահարութիւններուն: Հայկական ազգագրական եւ ժողովրդական երգերու մանկական կատարումը յուզիչ էր իր պարզութեան եւ ամիջականութեան մէջ:
Մանկապարտէզի պատասխանատու օրդ. Օհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէն Սեդօ Պոյաճեանին՝ իր անսակարկ օժանդակութեան համար, «Դրօ» կոմիտէութեան, որ ամէն տարի Հայ կեդրոնին սրահը սիրայօժար կը տրամադրէ մանկապարտէզի հանդէսներուն, երաժշտութեան ուսուցչուհի տիկ. Անահիտ Խաչիկեանին, արուեստի ուսուցչուհի տիկ. Մալվինա Մկրեանին, անգլերէնի ուսուցչուհի օրդ. Հուրի Ինճէեանին՝ իրենց նուիրումին եւ օժանդակութեան համար: Մասնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ բոլոր ծնողներուն, որոնք միշտ օգնած եւ աջակցած են մանկապարտէզի աշխատանքներուն:
Տնօրէնութեան պատգամը փոխանցելով պրն. Պոյաճեան շնորհաւորեց մանկապարտէզի աւարտական աշակետներն ու անոնց ծնողները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի բոլոր դաստիարակներուն եւ աշխատանքներուն սատարող ծնողներուն: Խօսքը ուղղելով աւարտական սաներուն, պրն. Պոյաճեան յորդորեց անոնց շարունակել մնալ երեւակայող, հարցադրող եւ հետաքրքիր, քանի որ ասոնք նախադրեալներ կը կազմեն յառաջդիմութեան:
Ապա, օր. Օհաննէսեան իմաստալից վերջաբանով մը փակեց հանդէսը: Ան մեկնաբանեց, թէ ինչու սրահի մուտքին բոլորին բաժնուեցան անանուխի արմատներ: Անանուխը շատ արագ կ՛աճի եւ կը բազմանայ, օգտակար է եւ բուժական նպատակներով կը գործածուի: Ան զուգահեռ մը գծեց անանուխին եւ հայ ժողովուրդին միջեւ: Մենք՝ հայերս, անանուխի նման ենք, որքան ալ փորձեն մեզ արմատախիլ ընել, նորէն կ՛աճինք ու կը բազմանանք: Ան խորհուրդ տուաւ ծնողներուն իրենց զաւակները վստահիլ Մեսրոպեան ազգ. վարժարանին, ուր անոնք պիտի աճին, զարգանան եւ դառնան վաղուան իսկական հայը:
Հուսկ, տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում: Հանդէսը փակուեցաւ Ս. Խաչ մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Նարեկ Ա. քահանայ Փեհլիվանեանի պահպանիչով: