
ՔՈՒԷՅԹ.- Հինգշաբթի, 31 Մայիսին, Քուէյթի անգլիական «Քեմպրիճ» դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Քուէյթի մասնաճիւղի կազմակերպած գեղարուեստական երեկոն:
Մասնաճիւղին անունով Էլիզապէթ Թոգմաքճեան անդրադարձաւ ՀՕՄի գործունէութեան, նպատակներուն եւ մասնաճիւղի ընկերուհիներու կամաւոր ծառայութեան:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ յայտագիրը, որ կը բովանդակէր երգ, պար, թատրոն, ասմունք:
Ձեռնարկը փակուեցաւ Շահէ եպս. Փանոսեանի խօսքով: