ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Յունիս 29ին, Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան յայտարարեց, թէ լաւատես է, որ Շաբաթ օր գումարուելիք միջազգային խորհրդակցութեան ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ բոլորին կողմէ ընդունելի ծրագիր մը գոյացնել Սուրիոյ ապագային համար: Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով կայանալիք Ժընեւի հանդիպման ընթացքին պիտի քննուի Սուրիոյ իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր կողմերը ներկայացնող ժամանակաւոր կառավարութիւն մը կազմելու հարցը:
Դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն՝ ժողովի սեմին բանակցութիւնները կը շարունակուին՝ հակարակորդ կողմերուն դիրքերը իրարու մօտեցնելու նպատակով: Ըստ անոնց, Մոսկուա կ՛ընդդիմանայ ընդդիմութեան կողմէ առաջ մղուող այն պայմանին, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է հեռանայ իշխանութնենէն՝ պահանջելով ընդդիմութեան օժանդակող կողմերուն, որ զինադադարը պարտադրելու նպատակով ճնշում բանեցնեն զինեալներուն վրայ:
Իր կարգին՝ Ասատ յայտարարեց, թէ Սուրիոյ տագնապին որեւէ լուծում պէտք է սուրիական ըլլայ: Ան աւելցուց, որ թէեւ Թուրքիոյ ղեկավարներու քաղաքականութիւնը կը հակասէ Սուրիոյ շահերուն, այսուհանդերձ, Սուրիան թուրք ժողովուրդին հետ որեւէ հարց չունի:
«Որոշ երկիրներ կը փափաքին, որ Քոֆի Անանի ծրագիրը ձախողի: Սակայն, Սուրիոյ կառավարութեան պարտքն է՝ հազարաւոր քաղաքացիներու կեանքը փրկելու համար ոչնչացնել ահաբեկիչները: Մենք բարեփոխումներով կը շարունակենք մեր ճամբան, բայց ահաբեկիչներուն եւ անոնց աջակից կառավարութիւններուն համար մեր կատարած բարեփոխումները կարեւորութիւն չունին», ըսաւ ան: