ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ, 14 եւ 15 Յունիսին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի Ընկերային Արդարութեան բաժանմունքին եւ Լիբանանի Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութեան համատեղ ծրագրումով, Պէյրութի մէջ, մարդու շահագործման դէմ պայքարին նուիրուած համագումար մը տեղի ունեցաւ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ այս համագումարին մասնակցեցաւ երէցկին Մանիա Միսիրեան։ Միջազգային ու լիբանանցի մասնագէտներ, դեսպանութիւններու եւ նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ջատագովներ նախ քննարկեցին այս հրատապ հարցին իրաւական երեսը, ապա գործնական առաջարկներով ցարդ կատարուած աշխատանքը բարելաւելու միտող քայլերու դիմեցին։