
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Չորեքշաբթի, Յունիս 6ին հաղորդեց, թէ Յունիս 5ին կայացած նախնական ընտրութեանց ընթացքին, Հայ Դատի աջակցութիւնը վայելող Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ընտրութեանց թեկնածուներէն 100 տոկոսը կրցած է յաղթանակներ ապահովել:
Ընդհանուր առմամբ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Յունիս 5ի ընտրութիւններուն որոշած էր նեցուկ կանգնիլ 19 թեկնածուներու, որոնցմէ 17ն կրցած է յաղթանակ արձանագրել:
Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի ընտրութիւններու պարագային, 46րդ ընտրատարածքի աթոռին համար պայքարող Ատրին Նազարեանը, երկար եւ սպառիչ ընտրապայքարէ մը ետք կրցած է յաղթական դուրս գալ նախնական ընտրապայքարէն. ան պայքարը պիտի շարունակէ Նոյեմբերի ընտրութեանց ընթացքին եւս յաղթանակ մը ապահովելու համար: Յաղթանակներ արձանագրած են նաեւ Հայ Դատի նեցուկը վայելող Քրիս Հոլտըն (41րդ ընտրատարածք), Խաչօ Աշաճեան (35րդ), Կրեկ Գրիգորեան (43րդ) եւ Թամ Քալտերոն (58րդ):
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շնորհաւորէ յաղթանակ արձանագրած թեկնածուները՝ խոստանալով շարունակել նեցուկ կանգնիլ անոնց, որպէսզի անոնք իրենց այս յաղթանակները կրկնեն նաեւ Նոյեմբերի ընտրութեանց ընթացքին: