Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Ին՞չ պէտք է իմանանք, որպէսզի գրեթէ ամէն բան առանց հիւանդանալու, ուտենք:
Ամառնային կերուխումի ծրագիրները բաւականին ճոխ կրնան ըլլալ եւ ամէն բանի կողքին, կը տեսնենք թէ որքան կարեւոր է այդ ճոխ ճաշատեսակէն օգտուելով հանդերձ, մնալ առողջ ու առանց անհաճոյ վիճակներու: Խորովածի հաւաքոյթները, պարտիզագնացութիւնները կամ աւազանի շուրջ տեղի ունեցող կերուխումի հաւաքները, պէտք է զգուշութեամբ ու խնամքով ի գործ դրուին, որպէսզի չանհանգստանանք: Այս հաւաքոյթներու ընթացքին այն կերակուրները, որոնք կը հրամցուին երկար ժամանակ՝ այդ տաք օդին, դուրս մնացած կըլլան: Այս մէկը ինքնաբերաբար կը նշանակէ թէ անոնք որոշ չախով հիւանդութիւններ պարունակելու վտանգին ենթակայ են:
Շատ հաւանաբար տաք օդին հրամցուած ուտելիքներէն աւելի շատ կը հիւանդանաք:
Բարի լուրը այն է, որ կարելի է ուշադիր ըլլալ, կանխազգուշանալ եւ չհիւանդանալ:
Առաջին օրէնքը
Կարգ մը ուտելիքներէ յառաջացած հիւանդութիւններուն պատճառը մանրէներն են, ինչպէս՝ «սալմոնելա»ն կամ այլ տեսակի մանրէները, որոնք կը հիւանդացնեն մեզ յատկապէս ամրան ընթացքին: Բոլոր մանրէները ամրան աւելի արագ կ՛աճին: Տաք օդը եւ սառնարանէն դուրս մնալը շատ վնասներ կրնան հասցնել ուտելիքներուն:
Ուրեմն, ամէն բան կանխարգիլելու համար պէտք է տաք կերակուրները պահպանել տաք վիճակի մէջ, իսկ պաղ ուտելիքները՝ պաղ:
Տան մէջ արդէն գիտէք ինչպէս պէտք է պահէք ճաշերը, սակայն տաք օդը շատ բան կը փոխէ կացութենէն:
Կարգ մը խորհուրդներ.
Ճաշերը անմիջապէս սառնարան պահեցէք, առանց սպասելու որ անոնք սենեակի ջերմութիւնը ստանան:
Համեմուած միսը պահեցէք սառնարանին մէջ անմիջապէս, նոյնիսկ եթէ կէս ժամ ետք պիտի եփէք զայն: Հում միսին դպչելէ անիմջապէս ետք ձեր ձեռքերը շատ լաւ լուացէք, իսկ միսը լաւ եփեցէք:
Հում միսը շատ լաւ պէտք է լուալ: Լուալէ ետք բոլոր անօթները ու մանաւանդ լուացարանը շատ լաւ պէտք է հականեխել: Բանջարեղէնները եւ պտուղները շատ լաւ պէտք է լուալ:
Եթէ երբեք պտուղներուն կամ բանջարեղէններուն վրայ որոշ տեղեր կարգ մը փճացած կէտեր կան, ապա կտրեցէք զանոնք եւ ուշադրութեամբ վերացուցէք պտուղէն, որովհետեւ հոն կրնան աւելի շուտ աճիլ մանրէներ եւ անախորժ հիւանդութիւններու պատճառ հանդիսանալ:
Սառած միսը հալեցնելու համար ընդունուած երեք ձեւեր գոյութիւն ունին. առաջին՝ սառնարանին վարի մասը պահելով, երկրորդ՝ ջուրի մէջ ձգելով՝ լաւ ու ապահով կերպնկալ (nylon) տոպրակի մը մէջ, իսկ երրորդ՝ մայքրօուէյվի մէջ: Զգուշացէք խոհանոցի քարին վրայ դնելով ժամերով հալեցնելու միտքէն ու ձեւէն:
Պարտիզագնացութեան
ընթացքին
Եթէ հանրային պարտէզի մը մէջ կամ ձեր տան բակը խնճոյք կազմակերպած էք ապա պէտք է շատ չմտահոգուիք մանրէներով: Քանի մը խորհուրդներ ապահով ձեւով ուտելու համար.
Որպէսզի կարենաք պաղ ուտելիքները պաղ պահել, կարիքը ունիք առանձին սառոյցի սնտուկի մը, որ յատկացուած ըլլայ ուտելիքներու եւ խմիչքներու եւ զոր յաճախ չէք բանար: Երբ սառոյցը հալի, անոր վրայ աւելցուցէք նոր սառոյց, որպէսզի այդ սնտուկին ջերմութիւնը 40 աստիճանէն աւելի բարձր չըլլայ:
Խորովելու ատեն երկու ափսէներ պահեցէք ձեր մօտ, որպէսզի խորովուած միսը հումին կողքին չդնէք, այլապէս նոր եւ մաքուր խորովուած միսը դրած կ՛ըլլաք մանրէներու ամանին մէջ:
Ձեր միսին եփուած ըլլալը ստուգեցէք ջերմաջափով.
Հաւու միսը պէտք է եփած ըլլայ մինչեւ 165 ջերմաստիճան
Հորթուկի միսը պէտք է եփած ըլլայ մինչեւ 160 ջերմաստիճան
«Սթէյք» միսը պէտք է եփած ըլլայ մինչեւ 145 աստիճան:
Հրամցնելէ առաջ քանի մը վայրկեան պահեցէք, որպէսզի յանգչի եւ ապա հրամցուցէք ձեր պատրաստածը:
Եթէ կը նախընտրէք նուազ եփած «պըրկըր»ը, ապա կրնաք ապահով կերպով այդ մէկը իրագործել: Յիշեցէք սակայն, որ երեխաներուն ու մեծահասակներուն համար շատ վտանգաւոր է քիչ եփած միս ուտելը: Ուրեմն քիչ եփողներ, եթէ քաշուած միս պիտի գնէք, նկատի առէք ներքին մասը, որպէսզի մանրէներ կամ այլ վարակներ չունենայ իր մէջ: Այս պարագային պատրաստ քաշուած միսերէն խուսափեցէք. անոնք բաւական վտանգաւոր կրնան ըլլալ: Նախ անոնք առնուած կ՛ըլլան անասունին մարմինին դուրսի մասերէն ու նաեւ եւրաքանչիւր պատրաստ միսի կապոց իր մէջ կը պարունակէ հաւանաբար տասնեակ կենդանիներու մարմինէն բաժիններ եւ հետեւաբար վարակուելու հաւանականութիւնը աւելի շատ է, որովհետեւ աւելի շատ է կենդանիներուն թիւը:
Այս բոլորին մէջ, կարեւորագոյն բաժիններէն մէկը կը համարուի ձեռքերու մաքրութիւնը: Բացօթեայ ձեռնարնկներուն կամ խնճոյքներուն համար կարեւոր է ձեռքերու մաքրութեան ու հականեխման յատուկ հեղուկներ, որոնք կը պարունակեն 60 տոկոս ալքոլ: Անհրաժեշտ է ձեռքերը միշտ մաքուր պահել, որպէսզի ոչ հում եւ ոչ ալ եփած կերակուրին վարակ հասնի մեր ձեռքերէն: