
Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուսէյն Աւնի Քարսլըօղլու հանդիպում ունեցած է Քէօլնի պոլսահայ համայնքին հետ: Ան զրուցած է Գերմանիոյ հայկական համայնքի հոգեւոր հովիւ Գարեգին Բեքչեանի հետ:
Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջին համաձայն, թուրք դեսպանը հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հայկական քոնեաք խմած է եւ հիւրասիրութեան մասնակցած, ապա շրջած եկեղեցւոյ մէջ:
«Ինծի համար կարեւոր չէ ինչ համայնքի զաւակներ ըլլալնիդ, ես կը հետաքրքրուիմ Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիներով։ Մենք պէտք է հասկնանք, որ աշխարհը փոխուած է։ Անցեալին որոշ ցաւեր եղած են եւ բոլորս իրարու ըսելիքներ ունինք, սակայն մենք պէտք է նաեւ ապագային նայինք», ըսած է ան։
Գարեգին Բեքչեան, իր կարգին, գոհունակութիւն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու վերադարձին վերաբերող օրէնքին առնչութեամբ: Ան դեսպանին նաեւ նուիրած է գիրք մը՝ Թուրքիոյ հայերուն մասին:
Անդրադառնալով այս այեցլութեան, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի վարիչ Պետօ Տեմիրճեան հետեւեալ նշումը արձանագրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջի վրայ. «Թրքական խաղ է այս: Հարիւրամեակի նախօրէին, սկսած են «սիրաշահիլ» հայ համայնքները, նամանաւանդ հոն, ուր Թուրքիայէն հայ գաղութի թիւը բարձր է: Ջանք կը թափուի թրքահայ համայնքին մօտենալով, անոնց հետ «երկխօսութեան մտնել, զրուցել, եւ այնպէս մը ներկայացնելով՝ որ անոնք են միայն իրաւասու ներկայացուցիչները հայ գաղութին: Պէտք է զգոյշ ըլլալ գառնուկի հագուստ հագած գայլէն»:
Երբ Թուրքիան ապահովութիւն փնտռելով միացաւ ՆԱԹՕ-ին՝ Սովիեթ միյութեան դեմ. 1950-ական շրջանի սկիզբները՝ նման մօտեցումներու լուրեր տեղի կ’ունենային Ամերիկայի Հայ Համայնքին մէջ:
Ամերիկայի ՄաքԱրթիիզմին՝ Թրքական Համայնքը իբրեւ «Հակահամայնավար» կ՛մօտենային Հայ Հարենակցական միյութիւններու տարեկան խրախճանքներուն մասնակցելու փափաքով և միասին նման ձերնարկներ կազմակերպելու միտքով: որուն համար ՀՅԴ-ն զգոյշացուց հայ համայնքը նման մօտեցումներէ: