ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, Մայիս 31ին Ատրպէյճան այցելած Անկախ պետութեանց հասարակապետութեան հարցերով Ռուսիոյ կառավարութեան յատուկ ներկայացուցիչ Կոնսթանթին Քոսաչեւ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ ընդգծելով երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց յաջող զարգացումը՝ տարբեր ոլորտներու մէջ:
Պատասխանելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ հարցումի մը՝ Քոսաչեւ նշած է, որ այդ հակամարտութեան կարգաւորման համար անհրաժեշտ է Ռուսիոյ աջակցութիւնը: «Ռուսիոյ համար, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման ամենալաւ տարբերակը՝ երկու կողմերն ալ բաւարարելն է», աւելցուցած է ան:
«Պաքուի մէջ քանի մը հանդիպումներէ ետք համոզուած եմ, որ Ատրպէյճան պատրաստ է աւելիով զարգացնելու Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները», եզրակացուցած է Քոսաչեւ: