ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Գրա-քննադատ Արքմենիկ Նիկողոսեան յայտնած է, որ հայ գրողը պարտաւոր է արտացոլացնել ժամանակակից կեանքը, առօրեայ անցուդարձը: «Դա գրականութեան առաջին խնդիրն է», հաստատեց ան։ Անոր համաձայն, վերջին տարիներուն արդի գրականութեան ձեւաւորման, զարգացման աշխուժութիւն եւ մեծ յառաջընթաց կը նկատուի, ինչ որ աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ համացանցին միջոցով:
Անոր համաձայն, ինչպէս հայ հասարակութիւնը, այնպէս ալ հայ գրողը սկսած է կարծել, թէ ինչ որ դուրսէն է, ուրեմն՝ լաւ է։ «Այդ բարդոյթից դուրս գալու համար անհրաժեշտ են շատ շփումներ օտարազգի գրողների հետ, որի արդիւնքում հնարաւոր կը լինի ճիշդ գնահատել սեփական իրական արժէքը», յայտնեց Արքմենիկ Նիկողոսեան, աւելցնելով, որ օտար գրողներու հետ յարաբերութիւն մշակելով, իրարու հետ ընթերցումներ կատարելով՝ հայ գրողը անպայման պիտի համոզուի, որ ինք ոչինչով նուազ է օտար գրողներէն։
Գրաքննադատը կարեւոր նկատեց այն հանգամանքը, որ գրողներուն նկատմամբ յաւելեալ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել, ինչպէս հասարակական, այնպէս ալ պետական մակարդակի վրայ։
Նախապէս խնդրայարոյց նկատուող, սակայն այսօր լուծում ստացած գրող-քննադատ կապը բարձր մակարդակի վրայ է: «Սա այն սերունդն էր, որն իր հետ բերեց նաեւ քննադատական ոգի», ըսաւ ան՝ հաստատելով, որ ներկայիս կան մօտեցումներու հակասութիւններ, կարծիքներու բախումներ, ինչ որ շատ կարեւոր է եւ պայման՝ յառաջդիմութեան ու աւելի բարգաւաճման։