
ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս», «Ա.Էֆ.Փէ.».- Աշխարհի տարածքին մարդկային իրաւունքներու վիճակին նուիրուած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան 2011ի զեկոյցին մէջ, Ատրպէյճանի վերաբերող մասով կը նշուի, որ թէեւ Ատրպէյճանի սահմանադրութեամբ՝ իշխանութիւնը բաժնուած է երեք մասի, սակայն փաստօրէն, նախագահն է, որ իր վերահսկողութեան տակ կը պահէ գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւնները:
Զեկոյցին համաձայն՝ 2010ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները չեն համապատասխանած ԵԱՀԿ հիմնական ընտրական չափանիշերու մեծամասնութեան: Հակառակ այն իրողութեան, որ Ատրպէյճանի մէջ 50է աւելի կուսակցութիւններ կան, նախագահին գլխաւորած «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութիւնը քաղաքական համակարգին մէջ գրեթէ մենատէր է:
Տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, թէ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի մէջ սահմանափակուած են խօսքի, հաւաքներու եւ ցոյցեր կատարելու ազատութիւնները: Յատկապէս գարնան ամիսներուն, ճնշումներ իրագործուած են այն մարդկանց նկատմամբ, որոնք մասնակցած են ժողովրդավարական բարեփոխումներու եւ կառավարութեան հրաժարականի պահանջով կայացած բողոքի ցոյցերուն:
Հաստատելով, թէ Ատրպէյճանի մէջ կացութիւնը կը շարունակէ վատթարանալ, Ուրբաթ, Մայիս 25ին, Ատրպէյճանի ոստիկանութիւնը եւ անոնց աջակցող գաղտնի ոստիկաններ Պաքուի մէջ առնուազն 30 այլախոհներ ձերբակալած են, երբ անոնք «Եուրոտեսիլ»ի դէմ ցոյց մը կը փորձէին կատարել մայրաքաղաքին մէջ:
Նաեւ քննադատուած է այն իրողութիւնը, թէ դատական իշխանութեան նկատմամբ գործադիր իշխանութիւնը անսահման ազդեցութիւն ունի, ինչ որ ի յայտ կու գայ քաղաքական շարժառիթներով տարուած դատական վճիռներէ, անկախ փաստաբաններու վրայ բանեցուող ճնշումներէն, ոստիկանական կամ զինուորական մեկուսարաններուն մէջ խոշտանգումներու մասին հրապարակումներէն: Կը նշուի նաեւ, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին, Ատրպէյճանի մեկուսարաններուն մէջ խոշտանգումներու պատճառով, առնուազն 9 հոգի մահացած է:
Հիմնական այլ խնդիր մը նկատուած է քաղաքացիները իրենց բնակարաններէն պարտադրաբար վռնտելու հարցը, կասկածելի հիմնաւորումներով անոնց տուները քանդելու եւ անհամաչափ փոխհատուցում տալու հետ կապուած ունեցուածքի իրաւունքներու խախտումները:
Զեկոյցին մէջ կը դատապարտուին նաեւ կրօնական ազատութիւններու սահմանափակումներն ու դատական եւ իրաւապահ մարմիններու մօտ լայնօրէն տարածուած զեղծարարութիւնները՝ նշելով, թէ մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն հետ կապուած յանցագործութիւններն ու անպատժելիութիւնը կը մնան հիմնական խնդիրը Ատրպէյճանի մէջ:
ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒՍ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ
Նոյն տեղեկագիրին մէջ նաեւ, Թուրքիոյ մէջ տարրական ազատութիւններու բացակայութիւնը կը դատապարտուի: Հոն յատուկ շեշտ կը դրուի խօսքի եւ մամուլի ազատութեան հարցով՝ իշխանութիւններու յաճախակի միջամտութիւններուն վրայ: «Լրագրողներու, գրողներու, քիւրտ մտաւորականներու եւ քաղաքական գործիչներու ձերբակալութիւնները բացասական ազդեցութիւն ունին խօսքի ազատութեան վրայ», նշուած է զեկոյցին մէջ եւ աւելցուած, որ յաճախ քաղաքական գործիչները եւ մասնաւորապէս վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, անարդարօրէն կը հետապնդեն այն մարդիկը, որոնք կը քննադատեն զիրենք:
Զեկոյցին մէջ կը քննադատուի այն իրողութիւնը, որ թրքական բանտերուն մէջ կը պահուին հարիւրէ աւելի լրագրողներ, որոնք կը մեղադրուին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ կապ ունենալու յանցանքով: Կը քննադատուին նաեւ կանանց նկատմամբ յաճախ կիրառուող բռնութիւններն ու անչափահաս երեխաներու ամուսնութիւնները: