ՇԻՔԱԿՕ, «Էյ.Փի.».- Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Երկուշաբթի, Մայիս 21ին հաստատեց, թէ Ֆրանսա վճռակամ է եւ իր մարտական ուժերը այս տարի Աֆղանիստանէն պիտի հեռացնէ, միաժամանակ, ՆԱԹՕի անդամ իր դաշնակիցներուն հետ համաձայնութիւն մը գոյացուց, որ 2013ի ընթացքին Ֆրանսա միայն աֆղան ոստիկանական ուժերը մարզելու նպատակին համար ուժեր պիտի տրամադրէ:
Հոլանտ իր պաշտօնակիցներուն հետ հանդիպումներէ ետք լրագրողներուն յայտնեց, թէ այս սկզբունքներուն շուրջ «յաջողեցանք համաձայնութիւն գոյացնել»՝ աւելցնելով, որ մարտական ուժերը Աֆղանիստանէն հեռացնելու կէտը «բանակցելի չէր, որովհետեւ ֆրանսական գերիշխանութեան հետ կապ ունի»:
Յայտնենք, թէ դաշինքը եւս որոշեց Աֆղանիստանէն իր ուժերուն հեռացումը արագացնել: