«Անպա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ արտերկիր գտնուող քաթարեան ընդդիմութիւնը հրաժարելու կոչ ուղղած է Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Թանիին՝ անոր վարած քաղաքականութիւնը «ամօթալի» նկատելով:
Գանատա հաստատուած ընդդիմութիւնը Քաթարի իշխող Թանի ընտանիքէն եւ քաթարցի մեծ ընտանիքներէ 65 անհատներու ստորագրութիւնը կրող հաղորդագրութեան մէջ թուած է շէյխ Համատի կառավարութեան կողմէ Քաթարի ժողովուրդը ճնշող վարմունքները եւ ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ «շրջանի զարգացումներուն նկատմամբ անոր ամօթալի կարգ մը կեցուածքները»:
Ընդդիմութիւնը քննադատած է նաեւ Իսրայէլի հետ վարկաբեկիչ յարաբերութիւնները եւ այլ երկիրներու դէմ դաւերը: