ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- Հայաստանի օդանաւային ազգային փոխադրական «Արմաւիա» ընկերութիւնը մտադիր չէ «Սուխոյ սուփըրճէթ-100» օդանաւերէն հրաժարելու։ Այս մասին յայտնած է ընկերութեան մամլոյ քարտուղար Նանա Աւետիսովան: Ան դիտել տուած է, որ հաւանաբար այդ օդանաւերը Հայաստան հասնին Յունիսին, իսկ զանոնք օգտագործելու ժամկէտը տակաւին չէ ճշդուած։
Մեքսիքական «Ինթըրճէ»չ օդանաւային ընկերութիւնը, ինչպէս նաեւ ռուսական «Աերոֆլո»չը եւս մտադիր չեն այս տիպի օդանաւերու գործածութենէն հրաժարելու. անոնք յաւելեալ 20 օդանաւ ապսպրած են։
Ներկայիս կայ «Սուխոյ սուփըրճէթ-100»ի 170 պատուէր: