ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 7 Մայիսի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական ու հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Թեհրան: Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մուտքին, վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ խուռներամ հաւատացեալներու ծափողջոյններով: Աւանդական աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, վեհափառը իր շքախումբով մուտք գործեց եկեղեցի: Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան ողջոյնի ջերմ խօսք ուղղեց վեհափառին եւ ապա հրաւիրեց զայն իր անդրանիկ պատգամը տալու թեհրանահայութեան:
«Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունեմ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները». այս բառերով սկսաւ վեհափառը իր պատգամը եւ աւելցուց ըսելով. «Կը շեշտեմ «սիրելի՛» բառը, որովհետեւ մեր եկեղեցին երբեք խտրութիւն չի դներ իր զաւակներուն միջեւ եւ անոնք բոլորը մեր եկեղեցւոյ հարազատ զաւակներն են, եւ՝ սիրելի մեզի: Ահա ա՛յս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ է որ սա պահուն հոգեկան անհուն ուրախութիւնը կ՛ապրիմ՝ ի տես Աստուծոյ հովանիին ներքեւ եւ Իր տան մէջ համախմբուած այս մեծաթիւ հաւատացեալներուն»:
Ապա վեհափառը ողջունեց Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը, Սպահանի թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանը, Ատրպատականի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանը, քահանայ հայրերը եւ երեք թեմերու ազգային իշխանութեանց անդամները:
Վեհափառը ողջունեց նաեւ ներկայութիւնը Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանին: Իր պատգամին մէջ, ան կարեւորութեամբ ընդգծեց ազգային ծառայութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը՝ Հայաստանը նկատելով մեր հզօրութեան կռուանը: Վեհափառը ըսաւ, թէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ազատ ու անկախ Հայաստանի երազին, ձգտումին ու պայքարին յառաջապահ զինուորը դարձաւ, եւ այսօր աջակից ու զօրակից է անոր՝ ի խնդիր մեր հայրենիքի առաւել հզօրացման: Սփիւռքը պէտք է աւելի հզօրացնենք, որպէսզի հզօրացուցած ըլլանք Հայաստանը, եւ՝ փոխադարձաբար, որովհետեւ մեր ժողովուրդը մէկ ազգ է, մէկ ամբողջութիւն է»: Ապա, հայրապետը աւելցուց, թէ «ա՛յս գիտակցութեամբ պիտի գործենք ամէն տեղ, մանաւանդ համազգային հարցերու պարագային, եւ որպէս համազգային գերագոյն հարց՝ մենք ունինք մեր արդար դատը, ազգային դատը»:
Ան յիշեցուց. «Չմոռնանք, սիրելի՛ ժողովուրդ, որ մեր ժողովուրդը պահանջատէր ժողովուրդ է: Մեր ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն կատարուած է, եւ մենք պահանջատէր ենք»:
Անդրադառնալով Իրանի պետութեան՝ վեհափառը ըսաւ, թէ Իրան իր հոգեւոր ու քաղաքական իշխանութեամբ զօրավիգ կը կանգնի մեր ժողովուրդին ու մեր դատին՝ հաւատալով անոր իրաւացիութեան: Մեր ժողովուրդի զաւակները կը վայելեն այս երկրին բարիքները, մասնակից են անոր զարգացման ու բարգաւաճման, տէրն են իրենց պարտաւորութիւններուն եւ կը վայելեն իրենց քաղաքացիական իրաւունքները:
Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, թէ «մեր եկեղեցին ազգային եկեղեցի է: Ճիշդ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, սակայն միաժամանակ մեր ազգին տունն է, որովհետեւ եկեղեցին քարեղէն կառոյց չէ, շէնք չէ, այլ կը մարմնաւորուի իր կամարներուն տակ համախմբուած հաւատացեալներով: Արդ, եկեղեցին դո՛ւք էք, եւ դուք էք որ կեանք ու շունչ պիտի տաք անոր»:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, վեհափառ հայրապետը իր շքախումբով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Նահատակներու յուշարձանը, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց եւ հոգւոց արտասանեց մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակին: