ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ընտրական համակարգերու կեդրոն (ICES) միջազգային դիտորդական խումբի դիտորդները 5 Մայիսին հանդիպում պիտի ունենան հայաստանեան պատկերասփիւռի կայաններու ղեկավարներուն հետ։ Ընտրական համակարգերու կեդրոնի ղեկավարման մարմինէն հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն, անոնք իրենց կարծիքները պիտի փոխանցեն Հայաստանի լրատուամիջոցներու աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ պիտի անդրադառնան Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ առկայ յարաբերութիւններու ապագային։
4 Մայիսին խումբը ներկայացուց իր նախնական զեկուցումը, որ կը կրէ «Հայաստանի նախընտրական շրջանին իրականացուած քարոզչութեան, ընտրական օրէնսգիրքի, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի աշխատանքներու եւ լրատուամիջոցներու աշխատանքներու վերլուծութիւն» խորագիրը:
Նշենք, որ միջազգային խումբին մաս կը կազմեն 20 անկախ փորձագէտներ՝ Եւրոպական Միութեան 8 պետութիւններէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Իսրայէլէն։