4 Մայիսին ընտրութիւններու վերահսկման միասնական ղեկավարման մարմինի նիստին ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ ներկայ դրութեամբ ընտրական կաշառքը ո՛չ միայն արմատախիլ չէ եղած, այլ սկսած է նոր հունով ծաղկիլ, երբ տուողն ու առնողը կը համագործակցին։ Ան այս մէկը մեծ ողբերգութիւն նկատած է ժողովուրդին համար։
Անոր համաձայն, քարոզարշաւի ատեն երկրորդ անընդունելի երեւոյթը մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած թեկնածուներուն միջեւ կիրքերի լարումն էր: «Թեկնածուների միջեւ թշնամութիւնը շատ ակնյայտ է յատկապէս մարզերում, որտեղ սկսում են թշնամանան գիւղի բնակիչները՝ բաժանուելով երկու ճամբարների: Ընտրութիւններից յետոյ թեկնածուները հաշտւում են, իսկ բնակչութիւնը շարունակում է ապրել լարուած մթնոլորտում: Միաժամանակ, ժամանակին մենք յայտարարել էինք, որ պէտք է հրաժարուել մեծամասնական ընտրակարգից», ըսած է Ռուստամեան։
Անդրադառնալով միասնական ղեկավարման մարմինի գործունէութեան՝ Ռուստամեանը նշած է, որ անոր նպատակն է ընտրութիւններուն օրը ընտրողին ազատ քուէարկելու կարելիութիւն տալ՝ վստահ ըլլալով, որ անոնց ձայնը ճիշդ ճամբով կը հասնի հասցէատէրին: Ան հաստատած է, որ այս իմաստով միասնական ղեկավարման մարմինը ամէն ինչ պիտի ընէ։
ՀՅԴ ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ միասնական ղեկավարման մարմինի անդամ-ուժերը կրնան շարունակել համագործակցութիւնը ապագայ խորհրդարանին մէջ՝ մեծամասնական ընտրակարգէն հրաժարելու, ինչպէս նաեւ համակարգային այլ խնդիրներ լուծելու համար: